ՍԵՄԱԿԱՆՆԵՐ
Խօսք՝ Աւօ Գաթրճեանի
Երաժշտ.՝ Կարօ Քէքլիկեանի
Երգ՝ Ճորճ Գալայճեանի
Մարտերու մէջ անապահով,
Ազգի սիրոյն խոր հաւատքով,
Ժողովուրդին յոյս, կեանք տուիք,
Տուն, ժամ, դպրոց պաշտպանեցիք:
Խիզախութեամբ ու աննկուն,
Ցոյց կու տաք մեծ զոհողութիւն,
Հազար պարծանք ձեր կոչումին,
Նուիրեալներ Հայոց դատին:
Կրկներգ.-
ՍԵՄականներ քաջ վիթխարի,
Հուր ու կրակ, փաղանգ արի,
Փառք ձեր խանդին ու զօրութեան,
Ուխտապահներ Դաշնակցութեան:
Շանթի նման եւ կամաւոր,
Կը ծառայէք իբրեւ զինուոր,
Ռումբեր, կրակ, պայթում ուժգին,
Կ’անտեսէք միշտ մահն ու դափնին:
Կրկներգ.-
ՍԵՄականներ քաջ վիթխարի,
Հուր ու կրակ, փաղանգ արի,
Փառք ձեր խանդին ու զօրութեան,
Ուխտապահներ Դաշնակցութեան:
![](https://i.ytimg.com/vi/cjOvtaWsvWQ/maxresdefault.jpg)